2014-03-12 10:10:22

ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան առաջին տարեդարձը` արտակարգ ժողովրդականութիւն եւ Եկեղեցւոյ բարենորոգում։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընտրութեամբ Եկեղեցին կ'ապրի բարեփոխումի նոր հանգրուան մը։

13 մարտ 2013-ին Սիքստեան մատուռի ծխնելուծէն դուրս եկաւ սպիտակ խիտ մուխ մը։ Նոր Քահայանապետ մը ընտրուած էր։ Եւ մինչ Ս. Պետրոսի զանգակները իրենց ղօղանջիւններով կ'աւետէին լուրը, Հռոմի բնակիչները կը փութային ս. Պետրոսի հրապարակ` ողջունելու նորընտիր Քահանայապետը։

Ժամը 20.30-ին, Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկողոս կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ, ս. Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն դուրս կու գայ։ Իր արտասանած առաջին բառերով Ան կը ներգրաւէ շատերուն սիրտը։ 76 ամեայ առաջին յիսուսեան Քահանայապետը հաւատցեալներէն կը խնդրէ անոնց օրհնութիւնն ու աղօթքը ու ապա կը ջամբէ Քահանայապետութեան առաջին օրհնութիւնը։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընտրութեամբ Եկեղեցին սկսաւ ապրիլ բարեփոխումի նոր հանգրուան մը։ Քահանայապետը ներկայիս կը վայելէ անհերքելի համաշխարհային ժողովրդավարութիւն։ Անոր շարժուձեւերն ու սրտաբուխ պարզ խօսքերը հրապուրած են բազմաթիւ մարդիկ ու կը շարունակեն հրապուրել հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալներու սրտերը։
Քահանայապետութեան առաջին օրերէն իսկ, Ֆրանչիսկոս Պապը նոր դրոշմ մը տուաւ Քահանայապետութեան։ Որոշեց ապրիլ Տոմուս Սանթա Մարթայի Տան մէջ, ուրտեղէն կը շարունակէ կատարել իր գոծունէութիւնները։ 21 մարտ 2013էն սկսեալ հրաւիրեց Վատիկանի պաշտօնեաները ներկայ գտնուելու առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագին` Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ։

Քահանայապետութեան առաջին Աւագ շաբաթուայ ու Զատկուայ ծիսակատարութիւնները գլխաւորելով, Աւագ Հինգշաբթի օրը որոշեց անչափահասներու բանտը այցելել եւ հոն ոտնլուայի արարողութիւնը կատարել, 12 բանտարկեալներուն ոտքերը լուալով։

Իր ընտրութենէն մէկ ամիս ետք` 13 ապրիլին, ընդառաջելով կարտինալական դասի խնդրանքին, հիմնեց կարտինալական 8 հոգինոց խումբ մը, որպէս խորհրդատուներ` Եկեղեցւոյ կառավարման, անոնց պարտականութիւն տալով սերտելու ծրագիր մը բարեփոխելու համար հռոմէական աւագ կառավարութիւնը ''Հռոմի Քուրիան''։

12 մայիսին հանդիսապետելով սրբադասումը շուրջ 800 իտալացի նահատաներուն, Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց որ հաւատքին սիրոյն համար սպաննուած հաւատացեալները աւելի բազմաթիւ են քան առաջին դարերու քրիստոնեայ մարտիրոսները։

Յունիսի 2013-ին, Նորին Սրբութիւնը հիմնեց յանձնախումբ մը սերտելու Վատիկանի դրամատան գործողութիւնները։ Յուլիսին` այլ մարմին մըն ալ հիմնեց սերտելու Ս. Աթոռի տնտեսական ու վարչական կառոյցը։

Ֆրանչիսկոս Պապը շրջաբերական առաջին թուղթը` Lumen fidei ''հաւատքի լոյսը'' լոյս տեսաւ 5 յուլիս 2013-ին։ Երեք օր ետք հովուական այցելութիւն կատարեց Իտալիոյ Լամբետուզա կղզիին ուր յաջս գաղթականներու ողբերգութեան ծանր խօսքերով դատապարտեց ''համաշխարհականացումի անտարբերութիւնը''։

Յուլիս ամիսը նաեւ յատկանշուեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի միջազգային առաքելական ճամբորդութեամբ դէպի Պրազիլ, գլխաւորելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը։

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժարեցաւ ամառուայ արձակուրդէն, ոչ լեռ բարձրացաւ եւ ոչ ալ քահանայապետական ամարանոց քաշուեցաւ, օգոստոս ամիսը անցնելով Հռոմի մէջ, աղօթքով ու եւ խորհրդակցական հանդիպումներով։ Ամսոյն աւարտին, Վենիզուելլայի մօտ երբեմնի արաքելական դեսպանը` գերապայծառ Փարոլինը, նշանակեց որպէս Ս. Աթոռի նոր Պետական Քարտուղար։

7 սեպտեմբերին­ Սրբազան Քահանայապետը, ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, նախաձեռնեց միօրեայ ծոմապահութիւն ու երեկոյեան աղօթքի հսկում, Սուրիոյ խաղաղութեան համար, յայտարարելով որ ամէն պատերազմ ձախորդութիւնն է խաղաղութեան եւ մարդկութեան համար` պարտութիւն։

Սեպտեմբեր ամսոյն կէսին մամուլին հետ երկարաշունչ ասուլիս մը ունեցաւյ, նախ Յիսուսեան` Civiltà Cattolica երկշաբաթերթին, ապա Իտալական La Repubblica օրաթերթի հիմնադիրին եւ հուսկ La Stampa օրաթերթի խմբագիրին հետ։

22 սեպտեմբերին այցելեց Իտալիոյ Քալիարի քաղաքը։ Ապա 4 հոկտեմբերին` ս. ֆրանչիսկոսի քաղաքը` Ասսիզին, ուր Եկեղեցիէն խնդրեց հրաժարիլ աշխարհական ոգիէն։

Սեպտեմբերի աւարտին Նորին Սրբութիւնը յայտնլց իր կամքը սրբադասելու իրեն երկու նախորդներ` Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետները, յառաջիկայ 27 ապրիլ 2014-ին։

Ան ապա որոշեց յառաջիկայ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարել եպիսկոպոսներու արտակարգ սիւնհոդոս մը` ունենալով որպէս նիւթ ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծով''։

26 նոյեմբեր 2013ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրապարակեց իր առաքելական առաջին յորդորագիրը ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' վերտառութեամբ։ Այս առաքելական յորդորագիրը կը նկատուի որպէս իր Քահանայապետութեան ճշմարիտ յայտագիրը։

Դեկտեմբերի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը վճռեց ստեղծել երախաներու պաշտպանութեան համար եպիսկոպոսական յանձանխումբ մը։ Դեկտեմբերի կէսին, սուրբ հռչակեց ֆրանսացի Յիսուսեան Փիեր ֆավրը` (1506-1546) համահիմնադիրը Յիսուսեան միաբանութեան։

Իր ընտրութենէն ինը ամիս ետք, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Վատիկանի մէջ տօնախմբեց Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնը, լուսապսակուած բացառիկ ժողովրդականութեամբ։

Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները ընդունելով ս. Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւններուն առթիւ կրկին կոչ ուղղեց Սուրիոյ խաղաղութեան համար։ 24 յունուարին ընդունեց ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը` ֆրանսուա Հոլլանտը մինչ յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուած է ԱՄՆ-ի նախագահ Օպամայի եւ Անգլիոյ թագուհի Եղիսաբեթի վատիկան այցելութիւնները։

Շարունակելով Եկեղեցւոյ բարենորոգումի աշխատանքը, հայող Ս. Աթոռի ֆինանսական հաստատութիւններուն, Նորին Սրբութիւնը կարտինալ Փելը նշանակեց որպէս նախագահ` նորաստեղծ Տնտեսական տեղեկատուութեան իշխանութեան։

Փետրուար 2014-ի կէսին. ս. Վալանդին` սիրահարներու տօնին առթիւ, Սրբազան Հայրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ հանդիպեցաւ 20 հազարէ աւելի զոյգ նշանուածներուն հետ։

Փետրուար 17-19, կարտինալական դասի անդամները ժամանեցին Վատիակն, շուրջ 150 կարտինալներ մասնակցեցան ''ընտանիքի'' նիւթի մասին գումարուած արտակարգ հաւաքին որուն ընթացքին Կարտինալ Քասփեր երկարաշունչ զեկոյց մը ներկայացուց, որուն մէջ անդրադարցաւ նաեւ ամուսնալուծուած եւ ապա պսակուած զոյգերու հովութեան կարեւորութեան մասին։

22 Փետրուարին Սրբազան Հայրը գլխաւորեց կարտինալներու ժողովը, որուն ընթացքին 19 նոր կարտինալներ հաստատեց։ Նշենք թէ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը։

Այս օրերուն Ֆրանչիսկոս Պապը, Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ միասին, կը գտնուի Հռոմի մօտ գտնուող Արիչչա գիւղաքաղաքը, Հոգեւոր Կրթութեան մէջ։

Իսկ յառաջիկայ ամիսները հարուստ են մեծ դէպքերով, ինչպէս` Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետներու սրբադասումը, Ս. Երկիր առաքելական ճամբորդութիւնը, մայիսին, Հարաւային Քորէայի հովուական ճամբորդութիւնը, օգոստոսին, հուսկ եպիսկոպոսներու ''ընտանիքին'' նուիրուած սիւնհոդոսը, հոկտեմբերին։

Համայն եկեղեցին գոհունակութեամբ կ'ողջունէ նոր Քահանայապետին յաջողութիւններն ու նուաճումները. անոր ինքնափուխ նախաձեռնութիւնները, միտքերը եւ սիրտերը յուզող ցնցիչ արտայատութիւնները, որոնց շնորհիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նկատուած է տարուան գլխաւոր անձնաւորութիւններէն մէկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.